2015-12-01 10:01:00

«Ի Հեճուկս Ցեղասպանին» խորագրեալ ձեռնարկ` Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով


Կազմակերպութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Երիտասարդական բաժանմունքին Շաբաթ, 28 Նոյեմբեր 2015-ի  երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Անթիլիասի Մար Էլիաս եկեղեցւոյ «Ռահպանի» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Ի հեճուկս ցեղասպանին» խորագրեալ ձեռնարկը` նուիրուած Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին:

Ձեռնարկին բացումը կատարեց Արազ Գոճայեան, որմէ ետք տեղի ունեցաւ «Ֆրիտըմ տենս կրուփ» պարախումբին կողմէ հայկական ազգագրական պարերու ուսուցում, որուն ընթացքին բազմաթիւ օտարներու եւ հայորդիներու հետ հայկական պարեր պարելով անիկա ստեղծեց խանդավառ եւ մտերմիկ մթնոլորտ մը, ապա Մեծի Տանն Կիլկիիոյ կաթողիկոսութեան Երիտասարդական բաժանմունքի ատենապետ Քրիստին Արզումանեան-Ղազարեան բեմ բարձրացաւ փոխանցելու համար բացման խօսքը: Ան նախ եւ առաջ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք ոչ մէկ ճիգ խնայեցին յաջողցնելու համար  սոյն ձեռնարկը: Ղազարեան հաստատեց, որ երբ քրիստոնէական որեւէ առիթով կը հաւաքուինք, մեր սիրտերը ոչ միայն յոյսով կը լիցքաւորուին, այլ նաեւ ներողամտութեամբ եւ ուրախութեամբ, որոնց համար շնորհակալ ենք Աստուծոյ: Ան նշեց, որ իբրեւ Ցեղասպանութենէն վերապրող ժողովուրդ հայութիւնը միշտ ալ եղած է հաւատացեալ, վճռակամ եւ  նահատակներու առաքելութիւնը պահող ու շարունակող ժողովուրդ:

Յաջորդաբար ցուցադրուեցաւ Յովիկ Յակոբեանի` Ցեղասպանութեան մասին պատրաստած տեսերիզը, որուն յաջորդեց Նժդեհ Պոտրումեան` ելոյթ ունենալով «Բարի արագիլ», «Պլպուլի հիտ» եւ «Մուշ» երգերով: Ելոյթ ունեցաւ նաեւ Ալիս Իփրաճեան, որ իր կարգին ներկայացուց «Հայոց մայրեր» եւ «Ղարաբաղ» երգերը:

Ապա Նշան վրդ. Լախոյեան, հայր Թոնի Խատրա եւ Գէորգ եպս. Ասատուրեան կատարեցին Հայոց  Ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած նոր գիրքերու գինեձօնը, որմէ առաջ Քրիստին Արզումանեան-Ղազարեան հակիրճ բացատրութիւն մը տուաւ գինեգործութեան եւ գինեձօնի մասին, ինչպէս նաեւ Գէորգ Յակոբճեան ներկայացուց Մեծի Տանն Կիլիկոյ կաթողիկոսութեան կողմէ երեք նոր հրատարակուած գիրքերն ու անոնց հեղինակները:

Անթիլիասի Մար Էլիաս եկեղեցւոյ հովիւ հայր Թոնի Խատրա արտասանեց իր սրտին խօսքը: Ան նշեց, որ Հայոց ցեղասպանութիւնը միայն հայութիւնը հետաքրքրող դատ մը պէտք չէ ըլլայ, այլեւ` համայն մարդկութիւնը:

Հանդիսութեան աւարտին ներկաները հիւրասիրուեցան հայկական «Նռան» գինով, որմէ ետք ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան շեփորախումբին ընկերակցութեամբ տեղի ունեցաւ քայլարշաւ մը դէպի Անթիլիասի մայրավանք, ուր Ցեղասպանութեան նուիրուած մատուռին առջեւ մոմավառութիւն կատարուեցաւ` Տաճատ վրդ. Աշըգեանի գլխաւորութեամբ եւ միաբաններու ներկայութեամբ:








All the contents on this site are copyrighted ©.